2016-04-22 09:50:00

Պատանիներու Յոբելեանը 23-25 Ապրիլ 2016` Վաթսուն հազար պատանիներ Սուրբ Պետրոսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած աւելի քան 60 հազար անչափահասներ, առաջին անգամ ըլլալով պիտի հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ,  Պատանիներու Յոբելեանին առթիւ որ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պետրոսի մէջ 23-25 Ապրիլ 2016-ին։

Վատիկանը արդարեւ  կը պատրաստուի ընդունելու` 60 հազար պատանիներ ու պարմանուհիներ եկած աշխարհի չորս ծագերէն, որոնց համար պատրաստուած է յատուկ յայտագիր մը որ կը նախատեսէ նաեւ` Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ սուրբ պատարագ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ։

Երեք օրեր յատկանշուած աղօթքով, ապաշխարութեան խորհուրդով և ուխտագնացութեամբ դէպի ս. Պետրոսւի պազիլիքայի Սուրբ դուռը ու միեւնոյն ժամանակ  Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս տօնախմբութիւններով ու բաժնեկցութեամբ։ 
''Այս թանկարժէք ժամանակը յատկացուած է նաեւ ձեզի  սիրելի երիտասարդ ու երիտասարդուհիներ'' գրած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղած իր պատգամին մէջ զանոնք հրաւիրելով մասնակցելու Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն որպէս դերակատարներ''։

Հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ Շաբաթ օրը` 23 Ապրիլ 2016-ին,  անչափահասներու ս. Պետրոս տաճարի Ողորմութեան Յոբելենական Դռնէն անցքով։  Սուրբ Պետրոս հրապարակին Պերնինիի  կամարները պիտի դառնան բաց բազուկներ ընկալելու համար հազարաւոր երիտասարդները եւ ուր 150 քահանաներ պիտի մատակարարեն ապաշխարութեան խորհուրդը` առաւօտեան 9,30-էն մինչեւ 17,30։ 

Երեկոյեան բոլոր երիտասարդները պիտի համախմբուին  Հռոմի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ, ուր` Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ  կազմակերպուած է գեղարուեստական յայտագիր մը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն իտալացի արուեստագէտներ, երգիչներ ինչպէս նաեւ մարզանքի աշխարհէն ներկայացուցիչներ։

Կիրակի 24 Ապրիլ առաւօտեան 10,30-ին, պատանիները կը համախմբուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ուր տեղի կ՛ունենայ` Պատանիներու Յոբելեանի կեդրոնական մաս կազմող`  բացօթեայ ս. Պատարագի արարողութիւնը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ։

Յայտնենք թէ Պատանիներու մեծամասնութիւնը հիւրը պիտի հանդիսանան Հռոմի ժողովրդապետութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.